Շնորհակալութի՜ւն քեզի, ո՛վ Աստուած՝ մեր Տէրը, որ քու տեսանեի լոյսովդ ուրախացուցիր մեզ՝ քու բոլոր արարածներդ, իսկ քու պատուիրաններուդ հոգեւոր լոյսովը լուսաւորեցիր քեզի հաւատացողները։
Մե՛զ ալ զօրացուր, Տէ՜ր որպէսզի կարենանք քու պատուիրաններդ պահել այսօր եւ ամէն ատեն, որպէսզի լուսաւորուած միտքով՝ միշտ քու կամքդ կատարենք եւ քու պատրաստած բարիքներուդ հասնինք բոլոր սուրբերուդ հետ միասին, մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի պարգեւած շնորհքովն ու մարդասիրութեամբը։
Անո՛ր կը վայելեն փառքը, իշխանութիւնն ու պատիւը, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն։
Դո՛ւն ես մեր խաղաղութիւնն ու կեանքը, ո՜վ Միածին Որդի Աստուծոյ, մեր Տէրն ու փրկիչը՝ Յիսուս Քրիստոս։ Տո՛ւր մեզի քու խաղաղութիւնդ, որ սուրբ առաքեալներուդ շնորհեցիր՝ անոնց վրայ փչելով կենդանացնող եւ ամենազօր քու Սուրբ Հոգիդ։
Որպէսզի մենք ալ աշխարհէն եկող ամէն տեսակի փորձութիւններէն խաղաղած՝ տաճար եւ բնակարան դառնանք աստուածային շնորհքներուդ, եւ շնորհակալութեամբ փառաւորենք քեզ՝ ո՜վ Քրիստոս, մեր Աստուածը, Հօրը եւ Սուրբ Հոգիիդ հետ միասին. այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտեն: